среда, 18 ноября 2015 г.

Պայմանք տղայոց ընտրութեան


Արեւելք գտնուող քարոզիչներուն գրեց, որ ընտանոք փոքրահասակ  տղաքներ 
ղրկեն ի Վենետիկորոնք ըլլան ազնիւևքաղցրաբարոյհոգեսէրքբարեպաշտ ընտանեաց զաւակներ,սրամիտքընթերցասէրք և ընդունակ ուսմանց:
Խստիւ պատուիրէր որ լաւ ընտրութիւն ընենքննեն անոնցկազմուածը՝ որ տկար և հիւանդոտ չըլլանփորձեն զանոնք,բացատրեն թե ինչ է կրօնաւորութիւնըդժուարութիւններ  դնենառջեւնինորպէս զի աւելի եւս յայտնի ըլլայ անոնց կոչումունենալը կամ ոչԿը գրէր որ չընդունին ծնողաց մէկ հատիկզաւակներըբայց միայն եթէ ուխտած ըլլան Աստուծոյ նուիրելուզանոնք:
 Տարիքի մասին՝ ամենէն փոքր 12-ամեայ և ամենէն մեծ 16-ամեայ տղաքը կընդունէրԴարձեալ տղայոց ընդունելութեան արգելքներ էին արտաքին պակասութիւնքինչպէս չափազանց հասակի կարճութիւնըշիլ և շատ խաղացող աչքերըև այլնչէր ընդունէր նաեւ ձառագէմներըև ուրիշ որևէ արատաւորներըվասն զի արտաքինը յաճախ ներքնոյն հայելին էկըսէր. «Ազնիւ իւղերը հասարակ անոթներու մէջ չէն պահուիրՄինչդեռ դիմաց չափակցութիւնը և արտաքին բարեձեւութիւնը շատ անգամ հոգւոյն գեղեցկութեան նշաններ են»: Միւս կողմանէ կընտրէր աւելի աղքտներուն քան հարուստերուն զաւակները. «Եթե երկու տղաք ըլլանկը գրէրմին աղքատ և ազնիւիսկ միւսը՝ հարուստ և պակասաւորպետք է առաջինը ընտրէք՝ քան վերջինըՆայեցէք որ աղքատներուն որդիքը ընտրէք և ղրկէքմիայն թէ սրամիտ և հեզաբարոյ ըլլանընդհանրապէս աղքատները խոնարհ և հլու կըլլանմինչդեռ հարուստերուն զաւակները բարձրամիտ և համարձակ կըլլան»:

Комментариев нет:

Отправить комментарий